Ա. ԷՍ. Ռոմայէն հեռացող Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ յաջող բժշկական քննութիւններու ենթարկուեցաւ Ինթեր Միլանին միանալու համար, սակայն անոր տեղափոխութեան մասին ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ, այս մասին յայտնեց իտալական անուանի մարզական օրաթերթ «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ պայմանագիրի կնքման մասին միլանեան ակումբը յայտարարութիւն պիտի կատարէ յառաջիկայ շաբաթ` նկատի ունենալով, որ 33 տարեկան հայ ֆութպոլիստը մինչեւ 30 յունիս կը նկատուի Ա. Էս. Ռոմայի ֆութպոլիստ:
Նշուեցաւ, որ Ինթեր Մխիթարեանի հետ բանակցութիւններու մասին պաշտօնապէս տեղեակ չէր պահած հռոմեան ակումբը, որ կ՛ուզէր երկարաձգել անոր գործող պայմանագրութիւնը:
Ինթեր Միլան Մխիթարեանի հետ պիտի կնքէ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը, իսկ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 3,5 միլիոն եւրօ: