Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսած «Սատա Քափ» պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին բացման մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականն ու «Թիմ-Միացեալ Նահանգներ»-ը:
Հայրենի կազմը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` արձանագրելով 94-59 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (կիսախաղ` 46-28, ի նպաստ Հայաստանի):
Մրցումին լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Հայաստանէն Անտրես Սփայթ-Մկրտչեան:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռեքս Քալամեան:
Հայաստանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Իրանը: