Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, կիրակի, 26 յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Հիլ Քլայմպ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի «Հիլ Քլայմպ»-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ:
Ա. հանգրուանի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ուատի Շահրուրի շրջանին մէջ:
Անիկա պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին: