Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանաբար 2022-2023 տարեշրջանին ելոյթ ունենայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») մէջ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի խնդրանքէն ետք ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ զօրացնելու համար կազմը եւ այդ իսկ պատճառով շատ հաւանաբար կազմին միացնէ Նէյմարը:
Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ Նէյմար փոխ տրուի եւրոպական անուանի ակումբի մը:
Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Սեն Ժերմեն իր ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 50 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ 2021-2022 տարեշրջանին 30 տարեկան Նէյմար մայրաքաղաքի կազմին հետ 28 մրցումի ընթացքին նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ: