16-24 յունիսին Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած սամպոյի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան սամպոյի հաւաքականը` գլխաւորութեամբ մարզիչ Ազատ Անդրեանի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Յայտարարուեցաւ, որ Քոշքարպայ Տապինպայեւի 4-րդ պատանեկան յուշամրցաշարքին, հայրենի չորս մարզիկներէն երեքը` Ալեքս Խաչատուրեան, Վիքթոր Բալայեան եւ Ալեքս Բալայեան, տիրացան պրոնզ մետալներու: