Հայաստանի մարմնամարզութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի բացարձակ բաժակակիրներ դարձան Արթուր Դաւթեան (յենացատկ) եւ Վահագն Դաւթեան (օղակներ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին կայքը:
Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներուն ապահովեց 90 կէտ, մինչ Վահագն Դաւթեան` 85 կէտ:
Անոնք երկուքը մասնակցեցան աշխարհի բաժակի մրցաշարքի չորս հանգրուաններէն երեքին միայն` նկատի ունենալով, որ չորրորդը կայացաւ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան):