Մարզական

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Համեստ Աֆրիկեան Փայլուն Յաղթանակ Մը  Արձանագրեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Դէմ

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Համեստ Աֆրիկեան Փայլուն Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Դէմ

Թրքական Էրզրում քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի  կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Համեստ Աֆրիկեան 42 քկ դասակարգին մէջ փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Սամա Մուսթաֆայեւայի դէմ: Հայրենի մարզիկը, երկու անգամ նաք աութի ենթարկելով իր մրցակիցը, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն 15 տղաք եւ 5 աղջիկներ:

Ծանրաբարձութիւն.  Սերիոժա Բարսեղեան` Եւրոպայի  15 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Սերիոժա Բարսեղեան` Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերիոժա Բարսեղեան 61 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեան հռչակուելէ բացի, հաստատեց նաեւ երկու մրցանիշ: Ան երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 236 քկ (111 եւ 125) հաստատեց երկու մրցանիշ վերջին երկու արդիւնքներուն լոյսին տակ: Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ, 16 տարեկան Ժորա Գրիգորեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 225...

Ծանրաբարձութիւն.  Արփինէ Դալայեան Աւարտեց  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ծանրաբարձութիւն. Արփինէ Դալայեան Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայրենի ծանրաբարձ Արփինէ Դալայեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան ըսաւ, որ թէեւ այդքան ալ մեծ նուաճումներու չէ հասած, բայց միշտ ալ սիրուած եղած է իր համակիրներուն կողմէ, որոնք միշտ եղած են իր կողքին եւ քաջալերած զինք: Ան ըսաւ, որ դժբախտաբար իր արհեստավարժ ասպարէզը կը լքէ` լուրջ վնասուածքի պատճառով: Ան եղած...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի  Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

Հայկական Ֆութպոլ. Ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

Հայաստանի ֆութպոլի «ՎԻՊԵԹ» բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ մրցեցաւ Շիրակի դէմ, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Արտակ Դաշեան` 59-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ տարեշրջանի բացման մրցումին, Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Արարատէն, մինչ Բ. հանգրուանին  անոր կատարելիք մրցումը` Արարատ-Արմենիայի դէմ` յետաձգուեցաւ: Իր կարգին, տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Արեւմտեան Հայաստան, որ...

«Քալչիօ».  Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը`  Ինթեր Միլան Տարեշրջանը Սկսաւ Յաղթանակով

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը` Ինթեր Միլան Տարեշրջանը Սկսաւ Յաղթանակով

Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ»), երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Ֆիլիփօ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր Միլան, տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Լեչէի դաշտէն: Լոնտոնեան Չելսիէն Ինթեր վերադարձած պելճիքացի Ռոմելու Լուքաքու մրցումին 2-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ), նետերլանտցի Տենզել Տումֆրիս նշանակեց միլանեան կազմին յաղթանակի կոլը:...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Եունայթըտի Ծանր Պարտութիւնը  Պրենթֆորտէն` 4-0 Արդիւնքով

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտի Ծանր Պարտութիւնը Պրենթֆորտէն` 4-0 Արդիւնքով

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին անուանի եւ շատ ժողովրդականութիւն վայելող խումբերէն Մանչեսթըր Եունայթըտ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Պրենթֆորտէն, եւ այդ ալ ծանր կերպով, 4-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմը իր չորս կոլերն ալ նշանակեց Ա. կիսախաղին (10-րդ, 18-րդ, 30-րդ եւ 35-րդ): Նշենք, որ նետերլանտցի մարզիչ Էրիք Տեն Հակի գլխաւորած կազմէն` Եունայթըտի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմենի Տպաւորիչ  Յաղթանակը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմենի Տպաւորիչ Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆրանսայի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Մոնփելիէն, արձանագրեց 5-2 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը: Քիլիան Էմպափէ, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, 69-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ: Ան 23-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել: Նէյմար տուպլէ մը իրագործեց (43-րդ փենալթիով եւ 51-րդ), Ռենաթօ Սանչեզ նշանակեց կոլ մը (88-րդ),...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, մրցաշարքին երկրորդ օրը, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին: 17 տարեկան ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան` երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով` 167 քկ (73 քկ եւ 94 քկ), հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ անոր արձանագրած 94 քկ արդիւնքը, Եւրոպայի պատանիներու մրցանիշ է: Նախանցեալ օր Միքայէլ Չոլակեան Հայաստանի համար ապահոված էր...

Հայ Աթլեթները  6 Մետալի Տիրացան  Բանակայիններու Համաշխարհային Խաղերոին

Հայ Աթլեթները 6 Մետալի Տիրացան Բանակայիններու Համաշխարհային Խաղերոին

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի աթլեթները 6 մետալի (4 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ) տիրացան Ռազմական մարզական միջազգային խորհուրդին («ՍԻ. ԱՅ. ԷՍ. ԷՄ.») հովանիին տակ տեղի ունեցող համաշխարհային խաղերուն: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած այս խաղերուն տիտղոսակիր դարձան Գոռ Բեգլարեան (երեք քայլ ոստում), Ռազմիկ Մկրտչեան (200 մեթր վազք), Երուանդ Մկրտչեան (1500 մեթր վազք) եւ Արթուր...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը  Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, երէկ` հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը իր աւարտին պիտի հասնի երեքշաբթի, 16 օգոստոսին: Հայրենի կազմը 16 օգոստոսին պիտի մեկնի Մոլտովա, ուր ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ իր հասակակիցներուն դէմ` 18 եւ 20 օգոստոսին: Նշենք, որ հաւաքականին...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք.  Ռէալ Մատրիտ 5-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ 5-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Նախանցեալ գիշեր Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.» Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Ռէալ Մատրիտ եւ ««Եուրոփա Լիկա»-ի տիտղոսակիրը` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ: Իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիրը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: 37-րդ վայրկեանին աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ...

Աշխարհի 20 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Ալեքսանտրա Փինել Կոնզալեսի  Սքանչելի Կոլը` 35 Մեթրէն

Աշխարհի 20 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ալեքսանտրա Փինել Կոնզալեսի Սքանչելի Կոլը` 35 Մեթրէն

Քոսթա Ռիքայի մէջ տեղի ունեցող աղջկանց ֆութպոլի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մէջ, Քոսթա Ռիքային մաս կազմող 19 տարեկան Ալեքսանտրա Փինել Կոնզալես, ազատ հարուածով մը 35 մեթրէն նշանակեց սքանչելի կոլ մը (19-րդ)` Աւստրալիոյ դէմ: Թէեւ ան նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն աւստրալիացիք երեք անգամ պատասխանելով (37-րդ` փենալթիով, 38-րդ եւ 72-րդ) տարին վերջնական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով:...

Թենիս.  Սերենա Ուիլիամսի Պարտութիւնը Եւ Հրաժեշտը

Թենիս. Սերենա Ուիլիամսի Պարտութիւնը Եւ Հրաժեշտը

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 23 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու տիրացած ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիամս չյաջողեցաւ ապահովել Թորոնթոյի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք զուիցերիացի իր մրցակիցէն` Պելինտա Պենսիչէն: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ուիլիամս արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուաւ բոլորին` նկատի ունենալով, որ ան վերջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Միքայէլ Չոլակեան Գերազանցեց Թուրք  Մարզիկները Եւ Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Միքայէլ Չոլակեան Գերազանցեց Թուրք Մարզիկները Եւ Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար հաւաքականի անդամ Միքայէլ Չոլակեան երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին Լեհաստանի մէջ սկսած Եւրոպայի պատանեկան ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 49 քկ դասակարգի մրցումներուն հռչակուեցաւ ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 182 քկ: Տիրանալով ոսկի մետալին` այսպիսով հայրենի ծանրաբարձը գերազանցեց թուրք մարզիկները, որոնց վիճակուեցան` արծաթէ եւ պրոնզէ մետալները: Նշենք, որ Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը...

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը` Արծաթէ Մետալակիր

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը` Արծաթէ Մետալակիր

Նախանցեալ օր Չինաստանի Շենայ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ Ճատրակի 44-րդ համաշխարհային օլիմփիատը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ իր վերջին մրցումին մրցեցաւ Սպանիոյ դէմ եւ արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ փոխախոյեան` ապահովելով 19 կէտ: Մանուէլ Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան միակն ըլլալով յաղթանակ...

Աշխարհի Նշանառութեան  Ախոյեանութիւն.  Գոռ Խաչատրեան` Երիտասարդներու  Աշխարհի Ախոյեան

Աշխարհի Նշանառութեան Ախոյեանութիւն. Գոռ Խաչատրեան` Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեան

Ֆրանսական Շաթորու քաղաքին մէջ 1-8 օգոստոսին տեղի ունեցած աշխարհի նշանառութեան 2022-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Խաչատրեան 10 մեթր նշանառութեան մրցումներուն Հայաստանին ապահովեց ոսկի մետալ մը: Հայաստանի համար պրոնզ մետալ ապահովեցին ԼիլիթՄկրտչեան (մեծերու մրցումներուն), Գոհար Յարութիւնեան (երիտասարդներու մրցումներուն) եւ Արուսեակ Գրիգորեան (10 մեթր):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Լիտըրզ-Ժուփիթըր Աւարտական  Հանգրուանի Առաջին Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիտըրզ-Ժուփիթըր Աւարտական Հանգրուանի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Լիտըրզ եւ Ժուփիթըր: Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 9 օգոստոսին, Սանթրալի դաշտին վրայ, ժամը 20:30-ին: Երկրորդ մրցումը, որ պիտի կատարուի հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ: Հինգ...

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Մեծ  Առաւելութեամբ Յաղթեց Ազրպէյճանին

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Մեծ Առաւելութեամբ Յաղթեց Ազրպէյճանին

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող Ճատրակի համաշխարհային օլիմփիատի 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ երէկ մրցեցաւ Ազրպէյճանի դէմ, յաղթեց մեծ առաւելութեամբ` 3-1 արդիւնքով: Ռոպերթ Յովհաննիսեան ճերմակ քարերով 51-րդ շարժումին յաղթեց Նիճատ Ապպասովին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան սեւ քարերով 67-րդ շարժումին` Շահրիար Մամետեարովին: Հրանդ Մելքումեան-Կատիր Հուսէյնով եւ Մանուէլ Պետրոսեան-Վասիֆ Տուրարպայլի ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-«Կարմիր Աստղ»  Պելկրատ Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-«Կարմիր Աստղ» Պելկրատ Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Սերպիոյ ախոյեան «Կարմիր Աստղ» Պելկրատի դէմ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմին համար այս մրցումը պիտի ըլլայ բաւական դժուար, որովհետեւ անիկա ունի դժուար առաքելութիւն մը` նկատի...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականները Մարզական Հաւաքի Սկսան

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականները Մարզական Հաւաքի Սկսան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականները երէկ սկսան մարզական հաւաքի մը, որ իր աւարտին պիտի հասնի վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին: Այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: 17 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մարիամ Ստեփանեան, մինչ Գագիկ Տէր Գէորգեան 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն...

Page 377 of 1280 1 … 376 377 378 … 1,280

Արխիւներ