Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ»), երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ֆիլիփօ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր Միլան, տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Լեչէի դաշտէն:
Լոնտոնեան Չելսիէն Ինթեր վերադարձած պելճիքացի Ռոմելու Լուքաքու մրցումին 2-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ), նետերլանտցի Տենզել Տումֆրիս նշանակեց միլանեան կազմին յաղթանակի կոլը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս ամրան ընթացքին Ա. Էս. Ռոմայէն տեղափոխուած էր Ինթեր Միլան, 57-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով խրուաթ Մարսելօ Պրոզովիչը:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց միլանեան քաղաքի երկրորդ խումբը` ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, որ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուտինեզէն:


