Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆրանսայի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Մոնփելիէն, արձանագրեց 5-2 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Քիլիան Էմպափէ, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, 69-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ: Ան 23-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Նէյմար տուպլէ մը իրագործեց (43-րդ փենալթիով եւ 51-րդ), Ռենաթօ Սանչեզ նշանակեց կոլ մը (88-րդ), մինչ Ֆալայէ Սաքքօ 39-րդ վայրկեանին սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց` ի նպաստ փարիզեան կազմին:


