Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող Ճատրակի համաշխարհային օլիմփիատի 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ երէկ մրցեցաւ Ազրպէյճանի դէմ, յաղթեց մեծ առաւելութեամբ` 3-1 արդիւնքով:
Ռոպերթ Յովհաննիսեան ճերմակ քարերով 51-րդ շարժումին յաղթեց Նիճատ Ապպասովին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան սեւ քարերով 67-րդ շարժումին` Շահրիար Մամետեարովին:
Հրանդ Մելքումեան-Կատիր Հուսէյնով եւ Մանուէլ Պետրոսեան-Վասիֆ Տուրարպայլի ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, հայրենի կազմը դարձեալ գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը` 17 կէտով:
16-ական կէտով 2-4-րդ դիրքերը կը բաժնեն Հնդկաստանի երկրորդ խումբը, Ուզպեքիստան եւ Միացեալ Նահանգներ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Հայաստան 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ազրպէյճանէն, մրցանակային որեւէ դիրք գրաւելու իր յոյսերը ամբողջութեամբ կորսնցուց:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է միայն մէկ հանգրուան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր: