Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Լիտըրզ եւ Ժուփիթըր:
Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 9 օգոստոսին, Սանթրալի դաշտին վրայ, ժամը 20:30-ին:
Երկրորդ մրցումը, որ պիտի կատարուի հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեան: