Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 23 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու տիրացած ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիամս չյաջողեցաւ ապահովել Թորոնթոյի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք զուիցերիացի իր մրցակիցէն` Պելինտա Պենսիչէն:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ուիլիամս արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուաւ բոլորին` նկատի ունենալով, որ ան վերջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս մրցաշարքին:
40 տարեկան ամերիկացին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու թենիսի ախոյեանութենէն ետք պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նշենք, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ը տեղի պիտի ունենայ 29 օգոստոսէն 11 սեպտեմբեր: