Նախանցեալ օր Չինաստանի Շենայ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ Ճատրակի 44-րդ համաշխարհային օլիմփիատը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ իր վերջին մրցումին մրցեցաւ Սպանիոյ դէմ եւ արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ փոխախոյեան` ապահովելով 19 կէտ:
Մանուէլ Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց:
Միեւնոյն ժամանակ տեղի ունեցած Ուզպեքիստան-Նետերլանտներ մրցումին, Ուզպեքիստան 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Օլիմփիատի ախոյեան` իր կարգին ապահովելով 19 կէտ:
Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հնդկաստանի երկրորդ խումբը` 18 կէտով:
Նշենք, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արման Փաշիկեան, իսկ անոր մաս կազմող խաղացողները` Գաբրիէլ Սարգսեան (2698), Հրանդ մելքումեան (2634), Սամուէլ Տէր Սահակեան (2625), Մանուէլ Պետրոսեան (2610) եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան (2591):
Հայաստանի կազմը, որ 2642 միջին վարկանիշով 12-րդ է, նախապէս երեք անգամ (2006, 2008 եւ 2012) հանդիսացած է ախոյեան, իսկ երեք անգամ ալ (1992, 2002 եւ 2004)` պրոնզէ մետալակիր:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը վերջին հանգրուանին 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթելէ ետք Խրուաթիոյ, 16 կէտով գրաւեց 10-րդ դիրքը:
18 կէտով ախոյեան հանդիսացաւ Ուքրանիա, մինչ Վրաստան դարձաւ փոխախոյեան (18 կէտ):
Երէկ յետմիջօրէին, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայ ճատրակ խաղացողները արժանացան շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան:
Զանոնք դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր-նախագահ Սմբատ Լպուտեան, անոնց հարազատներն ու համակիրները:
Նախարարի տեղակալը, շնորհաւորելով արձանագրուած այս նուաճումը, անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Նշենք, որ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կու գար առանց Լեւոն Արոնեանի: