Քոսթա Ռիքայի մէջ տեղի ունեցող աղջկանց ֆութպոլի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մէջ, Քոսթա Ռիքային մաս կազմող 19 տարեկան Ալեքսանտրա Փինել Կոնզալես, ազատ հարուածով մը 35 մեթրէն նշանակեց սքանչելի կոլ մը (19-րդ)` Աւստրալիոյ դէմ:
Թէեւ ան նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն աւստրալիացիք երեք անգամ պատասխանելով (37-րդ` փենալթիով, 38-րդ եւ 72-րդ) տարին վերջնական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով: