«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Սերպիոյ ախոյեան «Կարմիր Աստղ» Պելկրատի դէմ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայրենի կազմին համար այս մրցումը պիտի ըլլայ բաւական դժուար, որովհետեւ անիկա ունի դժուար առաքելութիւն մը` նկատի ունենալով, որ երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ, աւարտեցաւ Փիւնիկի քիչ մը ծանր պարտութեամբ` 5-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին կողմէ նշանակուած այսօրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Սկովտիայէն: