Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականները երէկ սկսան մարզական հաւաքի մը, որ իր աւարտին պիտի հասնի վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին:
Այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
17 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մարիամ Ստեփանեան, մինչ Գագիկ Տէր Գէորգեան 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է: