Մարզական

Լեպրոն Ճէյմս Շատ Հաւանաբար Ունենայ  Իր Անձնական Ակումբը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի Մէջ

Լեպրոն Ճէյմս Շատ Հաւանաբար Ունենայ Իր Անձնական Ակումբը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի Մէջ

Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող անուանի պասքեթպոլիստ Լեպրոն Ճէյմս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի նոր ակումբի մը սեփականատէրը դառնալու մեծ կարելիութիւնը ունի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ը կը ծրագրէ խումբեր ստեղծել Լաս Վեկասի եւ Սիեթըլի մէջ: Ան, ինչպէս նաեւ երկու այլ անձեր ամէն գնով կը փափաքին դառնալ ակումբի մը սեփականատէրերը: Նշենք, որ Ճէյմս կը...

Ճիմ Ռետքլիֆ Կ’ուզէ Գնել  Մանչեսթըր Եունայթըտը

Ճիմ Ռետքլիֆ Կ’ուզէ Գնել Մանչեսթըր Եունայթըտը

Անգլիացի միլիառատէր Ճիմ Ռետքլիֆ, որ կը նկատուի Անգլիոյ ամէնէն հարուստ անձը, կ՛ուզէ գնել Մանչեսթըր Եունայթըտը, անշուշտ եթէ ակումբը վաճառքի հանուի, այս մասին յայտնեց «Սքայ Սփորթց»-ը: Շատ հաւանական է, որ սկզբնական շրջանին ան գնէ ակումբին բաժնետոմսերուն մէկ մասը` նկատի ունենալով, որ Կլէյզըրներու ընտանիքը, որուն կը պատկանի ակումբին բաժնետոմսերուն մեծ մասը, անոնցմէ ոմանք վաճառքի կրնայ հանել: Նշենք, որ 69 տարեկան Ռետքլիֆ 2019-ին...

Քէյթա Պիտի Մնայ Լիվըրփուլի Հետ

Քէյթա Պիտի Մնայ Լիվըրփուլի Հետ

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, միջնապահ Նապի Քէյթա իր ելոյթները պիտի շարունակէ Լիվըրփուլի հետ: Նշուեցաւ, որ Լիվըրփուլ մտադիր չէ ծախել իր ֆութպոլիստը, հակառակ անոր որ կողմերը ցարդ իրարու հետ համաձայնութեան չկրցան գալ նոր պայմանագիրի մը շուրջ: Ներկայիս գործող պայմանագիրը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ ամառ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, միջնապահ Քէյթայով հետաքրքրուած են ֆրանսական քանի մը ակումբներ:

Թենիս.  Նատալ Պարտութիւն Մը Կրեց 152-րդ  Դասուած Իր Մրցակիցէն

Թենիս. Նատալ Պարտութիւն Մը Կրեց 152-րդ Դասուած Իր Մրցակիցէն

Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, Սինսինաթիի (Միացեալ Նահանգներ) «Մասթըրզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքին գծով ունեցաւ անյաջող մեկնարկ մը: Ան Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-7, 6-4 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց խրուաթ Պոռնա Քորիչէն, որ կը գրաւէ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 152-րդ դիրքը: Գ. հանգրուանի մրցումներուն Քորիչի մրցակիցը դարձեալ պիտի ըլլայ...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Ապահովեց Իր 6-րդ Մետալը

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Ապահովեց Իր 6-րդ Մետալը

Կարինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան երէկ ապահովեց իր 6-րդ մետալը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 57 քկ դասակարգի քառորդ աւարտականի մրցումներուն Ալեն Ստեփանեան, որ մրցեցաւ Սկովտիոյ ներկայացուցիչ Օսքար Սթիլի դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը` Ստեփանեան ապահովեց նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը:  

«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-Շերիֆ Թիրասփոլ

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-Շերիֆ Թիրասփոլ

«Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի փլէյ օֆի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մոլտովայի ախոյեան Շերիֆ Թիրասփոլը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուեցան Սպանիայէն: Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Խոսէ Հերնանտես:  ...

Գառնիկ Գրիգորեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի  Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքական

Գառնիկ Գրիգորեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքական

Արարատ ֆութպոլի ակումբի բերդապահ Գառնիկ Գրիգորեան երէկ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքական: Հայաստանի հաւաքականը 18-24 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը եւ բարեկամական մրցումներ: Գրիգորեան, որ ծնած է 1 նոյեմբեր 2004-ին, 2015-էն ի վեր հանդէս կու գայ Արարատի տարբեր տարիքային խումբերուն հետ, մինչ այժմ կը հանդիսանայ Արարատ-2-ի ֆութպոլիստ:

Մարսելլօ Շատ Հաւանաբար Աւարտէ  Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մարսելլօ Շատ Հաւանաբար Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ պրազիլցի Մարսելլօ շատ հաւանական է, որ մօտերս տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին: Ինչպէս ծանօթ է, 34 տարեկան ֆութպոլիստը հեռացաւ արքայական ակումբէն` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ: Նշենք, որ ան կը հանդիսանայ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած ֆութպոլիստը (25 տիտղոս):

Պարսելոնա Պատրաստ Է 30 Միլիոն Եւրոյով  Ծախելու Օպամեյանկը

Պարսելոնա Պատրաստ Է 30 Միլիոն Եւրոյով Ծախելու Օպամեյանկը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա պատրաստ է 30 միլիոն եւրոյով ծախելու Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը: Ներկայիս կապոնցի յառաջապահով մօտէն հետաքրքրուած է Չելսին: Եթէ այս փոխանցումը իրականանայ, Չելսիի սպանացի յետսապահ Մարքոս Ալոնսօ պիտի մեկնի հակառակ ուղղութեամբ: Նշենք, որ 33 տարեկան Օպամեյանկ, որ այս տարուան յունուարին Արսենալէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ յունիս 2025:  

Ռոնալտոյի Հակամրցանիշը

Ռոնալտոյի Հակամրցանիշը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող 37 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, իր ակումբային արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ունեցաւ իր ամէնէն ձախող մրցումներու շարքը: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան առաջին անգամ ըլլալով ակումբներու ախոյեանութիւններու ընթացքին, յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն կրեց, ինչ որ անոր համար կը նկատուի հակամրցանիշ մը: Այդ երեք մրցումներուն ընթացքին անոր կազմը իր բերդին մէջ ստացաւ տասը կոլ եւ...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Հրաժարեցաւ 45 Միլիոն  Եւրոյով Ծախել Ալվարօ Մորաթթան

Աթլեթիքօ Մատրիտ Հրաժարեցաւ 45 Միլիոն Եւրոյով Ծախել Ալվարօ Մորաթթան

Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտ հրաժարեցաւ ծախել իր սպանացի յառաջապահը` Ալվարօ Մորաթթան: Նշուեցաւ, որ անգլիական կարգ մը ակումբներ կը փափաքին ձեռք ձգել 29 տարեկան ֆութպոլիստը` փոխան` 45 միլիոն եւրոյի: Անոր պայմանագրութիւնը սպանական ակումբին հետ իր աւարտին կը հասնի այս տարեշրջանի աւարտին: Նշենք, որ ան Սպանիոյ ֆութպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումին տուպլէ մը իրագործեց Կեթաֆէի դէմ տեղի...

Անխել Տի Մարիա 10 Օրով  Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Անխել Տի Մարիա 10 Օրով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Եուվենթուսի նորեկ արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա, Սասուոլոյի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») Ա. հանգրուանի մրցումին, ստացաւ ձախ ազդրի վնասուածք, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ նաեւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը 10 օրով պիտի բացակայի դաշտերէն. հետեւաբար ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 22 օգոստոսին Սամտորիայի դէմ կատարուելիք Բ. հանգրուանի մրցումին: Արժանթինցին տարեշրջանի բացման մրցումին...

2030-ի Մոնտիալ.  Չորս Երկիրներ Միասնաբար Առաջադրեցին  Իրենց Թեկնածութիւնը

2030-ի Մոնտիալ. Չորս Երկիրներ Միասնաբար Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Ուրուկուէյ, Արժանթին, Փարակուէյ եւ Չիլի պաշտօնապէս առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` միասնաբար հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալը: Վերոնշեալ չորս երկիրներուն կողմէ այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Մոնթեվիտէոյի Սենթենարիօ մարզադաշտին մէջ, ուր Ուրուկուէյ 4-0 արդիւնքով յաղթելով Արժանթինի, տիրացած էր 1930-ի Մոնտիալի տիտղոսին: «Աշխարհի բազմաթիւ ախոյեանութիւններ թէեւ կ՛ըլլան, սակայն այդ մէկը միայն մէկ անգամ կ՛ըլլայ 100 տարեկան, եւ մրցաշարքը պէտք է վերադառնայ տուն», յայտարարեց Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն.  Մուշեղ Մկրտչեան` Աշխարհի Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Մուշեղ Մկրտչեան` Աշխարհի Փոխախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Մուշեղ Մկրտչեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, թէեւ հասաւ աւարտականին` 79 քկ դասակարգին մէջ, սակայն 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր իրանցի մրցակիցէն` Սոպհան Հուշանտ Եարիէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան: Մկրտչեանէն առաջ, Հայկ Պապիկեան (70 քկ), որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մրցած էր իրանցի Հիւսէյն Ապպաս...

Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար  Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն.  Վալերիկ Մովսիսեան` Եւրոպայի  Ախոյեան Եւ Մրցանշակիր

Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Վալերիկ Մովսիսեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Մրցանշակիր

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վալերիկ Մովսիսեան 67 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 254 քկ (120+134) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Ասկէ բացի, ան 120 քկ արդիւնք մը արձանագրելուն շնորհիւ յաջողեցաւ արձանագրել նոր մրցանիշ մը: Նշենք, որ Մովսիսեանէն առաջ Հայաստանի համար ոսկի մետալներ ապահոված էին նաեւ Միքայէլ Չոլակեան, Ալեքսանտրա Գրիգորեան...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Տիրացաւ Իր Չորրորդ Մետալին

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ Իր Չորրորդ Մետալին

Կարինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն 5-րդ օրը, երէկ Հայաստան ապահովեց իր չորրորդ մետալը: 50 քկ դասակարգին մէջ, Տիգրան Յովսէփեան ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, նուազագոյնը ապահովեց պրոնզ մետալ մը: Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 40 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Վահրամ Դովլաթբէկեան: Նշենք, որ անոնցմէ առաջ կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին նաեւ Համեստ Աֆրիկեան (42 քկ)...

Հենրիխ Մխիթարեան Վնասուածք  Ստացաւ

Հենրիխ Մխիթարեան Վնասուածք Ստացաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 33 տարեկան Մխիթարեան երէկ ենթարկուեցաւ բժշկական քննութեան եւ ի յայտ եկաւ, որ ան ձախ ազդրի վնասուածք ստացած է: Յառաջիկայ օրերուն ան դարձեալ պիտի ենթարկուի քննութեան, որմէ ետք աւելի կրնայ յստականալ անոր ապաքինման ժամկէտը: Նշենք, որ անոր կազմը 20 օգոստոսին...

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտի Յաղթական Մեկնարկը`  Յաջորդաբար 14-րդ Տարեշրջանն Ըլլալով

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտի Յաղթական Մեկնարկը` Յաջորդաբար 14-րդ Տարեշրջանն Ըլլալով

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2022-2023 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, յաջորդաբար 14-րդ տարեշրջանն ըլլալով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ալմերիայի դաշտէն: Արքայական ակումբը վերջին անգամ 2008-2009 տարեշրջանին էր, որ նոր տարեշրջանը սկսած էր պարտութեամբ` Տեփորթիւօ Քորունայէն (2-1): Առանց պարտութեան մեկնարկը, յաջորդաբար 14-րդ...

Քէյլոր Նաւաս Պիտի Հեռանայ  Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Քէյլոր Նաւաս Պիտի Հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Քոսթառիքացի անուանի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս պիտի հեռանայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն, այս մասին հաղորդեց միջազգային մարզական մամուլը: Շատ հաւանական է, որ 35 տարեկան բերդապահը միանայ իտալական Նափոլիի, որ այժմ բանակցութիւններ կը կատարէ փարիզեան ակումբին եւ ֆութպոլիստին հետ: Փարիզեան կազմին մարզչական խմբակը Նաւասին յայտնեց, որ այս տարեշրջանին խումբին հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ իտալացի Ճիանլուիճի Տոնարումա:

2022-ի Մոնտիալ.  Բացման Մրցումին Թուականը  Փոփոխութեան Ենթարկուեցաւ

2022-ի Մոնտիալ. Բացման Մրցումին Թուականը Փոփոխութեան Ենթարկուեցաւ

Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն շատ հաւանաբար փոփոխութեան ենթարկէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի բացման մրցումին թուականը: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ բացման մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 21 նոյեմբերին, հիւրընկալ երկրին` Քաթարի եւ Էքուատորի միջեւ, այժմ պիտի կատարուի 20 նոյեմբերին: Ըստ օրէնքի, այս որոշումը տրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի եւ աշխարհի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ...

Page 376 of 1280 1 … 375 376 377 … 1,280

Արխիւներ