Մարզական

Արկադի Տվորքովիչ Վերընտրուեցաւ  ՖԻՏԷ-ի Նախագահ

Արկադի Տվորքովիչ Վերընտրուեցաւ ՖԻՏԷ-ի Նախագահ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ ռուս Արկադի Տվորքովիչ վերընտրուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ: Նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՖԻՏԷ-ի համագումարին ընթացքին: Տվորքովիչ ապահովեց 157 ձայն, մինչ երկրորդ թեկնածուն` ուքրանացի Անտրիյ Պարիշփոլեց ապահովեց 16 ձայն: Փոխնախագահի պաշտօնը պիտի կատարէ աշխարհի 15-րդ ախոյեան, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ: Նշենք, որ Տվորքովիչ ՖԻՏԷ-ի նախագահի պաշտօնը կը վարէ...

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  Մրցումները Գաղտնի Կրնան Տեղի Ունենալ

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումները Գաղտնի Կրնան Տեղի Ունենալ

Միջազգային մարզական կարգ մը լրատու աղբիւրներ կը յայտնեն, որ շատ հաւանաբար Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կատարուին ամբողջութեամբ գաղտնի` խուսափելու համար ահաբեկչական սպառնալիքէն: Երկրին արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը խնդրեց նախօրօք չհրապարակել մրցումներուն կայացման վայրն ու ժամը: Թէեւ ցարդ նոր տարեշրջանին յայտագիրը չէ հրապարակուած, սակայն ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր ազդանշանը պիտի տրուի 23 օգոստոսին: Նշենք, որ ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով,...

Քաւանի Հրաժարեցաւ Միանալ Նիսին

Քաւանի Հրաժարեցաւ Միանալ Նիսին

Ուրուկուէյցի անուանի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի հրաժարեցաւ միանալ ֆրանսական Նիս ֆութպոլի ակումբին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Նիսի նախագահ Ժան-Փիեռ Ռիվերի բանակցութիւնները ֆութպոլիստին հետ դրական արդիւնքի չեն հասած, որովհետեւ Քաւանի  փափաք յայտնած է ելոյթ ունենալ «Լա Լիկա»-ին մէջ: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Քաւանի, որուն վերջին ակումբն էր Մանչեսթըրը եունայթըտ, եթէ չկարենայ միանալ սպանական ակումբի մը, պիտի տեղափոխուի արժանթինեան...

Պարսելոնա Բանակցութիւններ Կը Վարէ  Մեսսիի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Պարսելոնա Բանակցութիւններ Կը Վարէ Մեսսիի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սպանացի կարգ մը անուանի լրագրողներու համաձայն, Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա յոյս ունի ակումբ վերադարձնել արժանթինցի Լիոնել Մեսսին, որ այժմ ելոյթ կ՛ունենայ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: Կը նշուի, որ Լափորթա բանակցութիւններ կը վարէ Լիոնել Մեսսիի ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի արժանթինցին 2023-ին դարձեալ կրէ քաթալոնական ակումբին շապիկը: 35 տարեկան Մեսսի, որ 2006-ին միացաւ Պարսելոնային, 2021-ի ամրան տեղափոխուեցաւ մայրաքաղաքի կազմ` Սեն Ժերմեն: քաղաքին մէջ...

Ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Պարտուեցաւ  Ուզպեքիստանէն

Ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ` կիրակի, 7 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ աղջկանց հաւաքականը` Ռումանիոյ դէմ: Տղոց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով, պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ նոյնինքն Ուզպեքիստանի, որ ունեցաւ 16 կէտ: Հայաստան այժմ Հնդկաստանի Բ. խումբին հետ կը բաժնէ 1-2-րդ դիրքը: Անոնք ունին 15-ական կէտ: Ինչ...

«Ասիոյ Երեխաներու» 7-րդ Միջազգային  Մարզական Խաղեր.  Հայաստան Տիրացաւ 4 Գունաւոր Մետալի

«Ասիոյ Երեխաներու» 7-րդ Միջազգային Մարզական Խաղեր. Հայաստան Տիրացաւ 4 Գունաւոր Մետալի

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Վլատիվոսթոքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Ասիոյ երեխաներու» 7-րդ միջազգային մարզական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 4 գունաւոր մետալի (մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ 2 պրոնզ): Խառն զոյգի նշանառութեան մրցումներուն, Գագիկ Նիկողոսեան եւ Նարէ Մելքումեան տիրացան պրոնզ մետալի: Պատանի հայ հրաձիգները նախապէս մրցանակային դիրքեր գրաւած էին նաեւ անհատական մրցումներուն:...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Պատանեկան  Հաւաքականներուն Կազմերը

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Պատանեկան Հաւաքականներուն Կազմերը

10-18 օգոստոսին Լեհաստանի Ռաշին քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` 16 ներկայացուցիչով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը: 15 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն պիտի մասնակցին` Մերի Միսաքեան (57 քկ), Սերեոժա Բարսեղեան (61 քկ) եւ Վալերիկ Մովսիսեան (67 քկ): Իսկ 17 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ Յաղթական` Տարեշրջանի Բացման Մրցումին

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Յաղթական` Տարեշրջանի Բացման Մրցումին

Մոհամետ Սալահի Բացառիկ Մրցանիշը Լիվըրփուլի Հետ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2022-2023 տարեշրջանի բացման մրցումին, Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Քրիսթալ Փալասին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սպանացի Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմին առաջին կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Մարթինելի, իսկ մրցումին աւարտէն հինգ վայրկեան առաջ անգլիացի յետսապահ Մարք Կուեհի նշանակեց մրցումին երկրորդ կոլը (սխալմամբ` իր բերդին մէջ): Այլ մրցումի մը ընթացքին,...

«Պունտըսլիկա».  Ախոյեան Պայէրն Միւնիխի  Տպաւորիչ Մեկնարկը

«Պունտըսլիկա». Ախոյեան Պայէրն Միւնիխի Տպաւորիչ Մեկնարկը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ունեցաւ բաւական տպաւորիչ մեկնարկ մը, երբ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2022-2023 տարեշրջանի բացման մրցումին արձանագրեց 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, Այնթրախթ ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ: Եուլիան Նակելսմանի գլխաւորած կազմէն տուպլէ մը իրագործեց գերմանացի Ժամալ Մուսիալա: Իսկ սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ Պայէրնի հետ իր նորամուտը նշեց կոլով մը: Երկրին փոխախոյեանը` Պորուսիա Տորթմունտ, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը,...

«Լիկ-1».  Լիոն Յաղթեց Աժաքսիոյին` Տարեշրջանի Բացման Մրցումին

«Լիկ-1». Լիոն Յաղթեց Աժաքսիոյին` Տարեշրջանի Բացման Մրցումին

Ախոյեանին Տպաւորիչ Յաղթանակը` 5-0 Արդիւնքով Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանի բացման մրցումին, Լիոն, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աժաքսիոն, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, 2-1 արդիւնքով: Կոլի եւ էսիսթի հեղինակ դարձաւ Արսենալէն Լիոն վերադարձած ֆրանսացի յառաջապահ Ալեքսանտր Լաքազեթ: Յաղթական կազմը մրցումին մեծ մասը շարունակեց տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ փորթուգալցի բերդապահ Անթոնի Լոփեզ 27-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իսկ...

Անչելոթթի. «Պիտի Փորձենք  Տիրանալ Վեց Տիտղոսի»

Անչելոթթի. «Պիտի Փորձենք Տիրանալ Վեց Տիտղոսի»

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2022-2023 տարեշրջանին իր կազմը պիտի փորձէ տիրանալ վեց տիտղոսի: Արքայական ակումբը այս տարեշրջանին կը մասնակցի հետեւեալ վեց մրցաշարքերուն. Սպանիոյ ախոյեանութիւն, Սպանիոյ բաժակ, գերբաժակ, «Չեմփիընզ Լիկ», Եւրոպայի գերբաժակ եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւն: Նշենք, որ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 10 օգոստոսին Ֆինլատայի...

Թենիս.  Նատալ Յայտարարեց, Որ Պիտի Չմասնակցի  Մոնրէալի Մրցաշարքին

Թենիս. Նատալ Յայտարարեց, Որ Պիտի Չմասնակցի Մոնրէալի Մրցաշարքին

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 22 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն` Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Քանատայի մէջ տեղի ունենալիք Մոնրէալի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Նախորդ 4 օգոստոսին ան իր կատարած փորձերուն ընթացքին ինքզինք անհանգիստ զգացած էր: 36 տարեկան Նատալ, որ նախապէս հինգ անգամ տիրացած էր այս մրցաշարքի...

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հաւասարութիւն Մը  Արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու Հետ

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու Հետ

Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ` 5 օգոստոսին, Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ շարունակուեցաւ ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի տղոց հաւաքականը շարունակեց մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ, հակառակ անոր որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներուն հետ: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Հրանդ Մելքումեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան պարտութիւն կրեցին: Միացեալ Նահանգներու կազմէն...

Կարէն Գիլոյեան Ընդունեց Աշխարհի  Եւ Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւններուն  Մետալակիր Ըմբիշները

Կարէն Գիլոյեան Ընդունեց Աշխարհի Եւ Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւններուն Մետալակիր Ըմբիշները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան երէկ` ուրբաթ, 5 օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներու ներկայացուցիչները: Նշենք, որ հայրենի ըմբիշները վերջերս իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի երիտասարդներու, Եւրոպայի 15 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ աշխարհի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւններուն եւ տիրացան շարք մը մետալներու: Այս հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան 5-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը  Կրեց «Կարմիր Աստղ» Պելկրատէն

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ Երեւան 5-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց «Կարմիր Աստղ» Պելկրատէն

Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ Երեւան, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ հիւրը եղաւ «Կարմիր Աստղ» Պելկրատին, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը: Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ կանացի յառաջապահ Օսման Պուքարի: Դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին` Երեւանի մէջ, Հայաստանի ախոյեանը բաւական դժուար առաքելութիւն...

«Փրեմիեր Լիկ».  Ռոնալտօ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ  Կը Պատրաստուի Նոր Տարեշրջանին

«Փրեմիեր Լիկ». Ռոնալտօ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Կը Պատրաստուի Նոր Տարեշրջանին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Էրիք Տեն Հակի գլխաւորած կազմին հետ կը պատրաստուի Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2022-2023 տարեշրջանին: Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 օգոստոսին Եունայթըտ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պրայթընը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

Փոկպա Հրաժարեցաւ Ծունկի  Վիրաբուժութեան Ենթարկուիլ

Փոկպա Հրաժարեցաւ Ծունկի Վիրաբուժութեան Ենթարկուիլ

Եուվենթուսին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային միջնապահ Փոլ Փոկպա որոշեց հրաժարիլ ծունկի վիրաբուժութենէ մը, այն մտավախութեամբ, որ կրնայ բացակայիլ 2022-ի Մոնտիալէն: Եթէ պատահի, որ ան ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի 4-5 ամիսով, ինչ որ կը նշանակէ, որ արդէն իսկ աւարտած պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբերին, Քաթարի մէջ: Նշենք, որ նախապէս Եուվենթուսին մաս...

Չելսի Կը Բանակցի Օպամեյանկի Հետ

Չելսի Կը Բանակցի Օպամեյանկի Հետ

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը կը բանակցի Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայի կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի հետ, որ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի քաթալոնական ակումբին միանալուն պատճառով կը մտադրէ այլ կազմի մը միանալ: Նշուեցաւ, որ Չելսի ցարդ պաշտօնապէս չէ դիմած Պարսելոնային այս գծով: Օպամեյանկ նախորդ յունուարին լոնտոնեան Արսենալէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2025:...

Լիվըրփուլ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Կնքեց Տիեկօ Ժոթայի Հետ

Լիվըրփուլ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Տիեկօ Ժոթայի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տիեկօ Ժոթայի հետ: Թէեւ անոնց միջեւ կնքուած պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները չյայտարարուեցան, սակայն 25 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 30 յունիս 2027 պիտի մնայ Լիվըրփուլ քաղաքի խումբին հետ: Ժոթա, որ սեպտեմբեր 2020-ին անգլիական այլ ակումբէ մը` Վուլվզէն միացաւ Լիվըրփուլին` փոխան 45 միլիոն եւրոյի, ցարդ իր ակումբին հետ կատարած...

Ռենաթօ Սանչեզ Միացաւ  Փարիզ Սեն Ժերմենին

Ռենաթօ Սանչեզ Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 24 տարեկան միջնապահ Ռենաթօ Սանչեզ, միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երկու կողմերուն միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027: Սանչեզ, որ Պենֆիքայի սան է, 2016-ին միացաւ Պայէրն Միւնիխին: Ան 2017-2018 տարեշրջանին փոխ տրուեցաւ անգլիական Սուանզիի, իսկ 2019-ի ամրան ընթացքին միացաւ ֆրանսական Լիլին:  

Page 378 of 1280 1 … 377 378 379 … 1,280

Արխիւներ