Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին անուանի եւ շատ ժողովրդականութիւն վայելող խումբերէն Մանչեսթըր Եունայթըտ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Պրենթֆորտէն, եւ այդ ալ ծանր կերպով, 4-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմը իր չորս կոլերն ալ նշանակեց Ա. կիսախաղին (10-րդ, 18-րդ, 30-րդ եւ 35-րդ):
Նշենք, որ նետերլանտցի մարզիչ Էրիք Տեն Հակի գլխաւորած կազմէն` Եունայթըտի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ եւ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ փորթուգալցի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, իր հիւրին` Պուրնըմաութի դէմ, 4-0 արդիւնքով:


