Հայաստանի ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար հաւաքականի անդամ Միքայէլ Չոլակեան երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին Լեհաստանի մէջ սկսած Եւրոպայի պատանեկան ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 49 քկ դասակարգի մրցումներուն հռչակուեցաւ ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 182 քկ:
Տիրանալով ոսկի մետալին` այսպիսով հայրենի ծանրաբարձը գերազանցեց թուրք մարզիկները, որոնց վիճակուեցան` արծաթէ եւ պրոնզէ մետալները:
Նշենք, որ Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 16 մարզիկով:


