Հայաստանի ֆութպոլի «ՎԻՊԵԹ» բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ մրցեցաւ Շիրակի դէմ, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Արտակ Դաշեան` 59-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ տարեշրջանի բացման մրցումին, Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Արարատէն, մինչ Բ. հանգրուանին անոր կատարելիք մրցումը` Արարատ-Արմենիայի դէմ` յետաձգուեցաւ:
Իր կարգին, տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Արեւմտեան Հայաստան, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն 12-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեռնային Արցախ 2-ն:
Ա. հանգրուանին Արեւմտեան Հայաստան 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Արարատ-Արմենիա-2-ի հետ, իսկ Բ. հանգրուանին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Արարատ-2-էն:


