Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու ծանրաբարձութեան 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերիոժա Բարսեղեան 61 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեան հռչակուելէ բացի, հաստատեց նաեւ երկու մրցանիշ:
Ան երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 236 քկ (111 եւ 125) հաստատեց երկու մրցանիշ վերջին երկու արդիւնքներուն լոյսին տակ:
Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ, 16 տարեկան Ժորա Գրիգորեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 225 քկ արդիւնք մը (100 եւ 125), տիրացաւ արծաթ մետալին:
Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Ռումանիոյ ներկայացուցիչը, մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Վրաստանի ներկայացուցիչը:
Նշենք, որ անոնցմէ առաջ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած էին Միքայէլ Չոլակեան եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան:
Եւրոպայի պատանիներու 15 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 17 օգոստոսին: