Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 11 օգոստոսին, մրցաշարքին երկրորդ օրը, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին:
17 տարեկան ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան` երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով` 167 քկ (73 քկ եւ 94 քկ), հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նշենք, որ անոր արձանագրած 94 քկ արդիւնքը, Եւրոպայի պատանիներու մրցանիշ է:
Նախանցեալ օր Միքայէլ Չոլակեան Հայաստանի համար ապահոված էր առաջին ոսկի մետալը: