Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նափոլի կը շարունակէ մնալ առաջին դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ:
Այս հանգրուանին անիկա 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Պոլոնիայի դէմ:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Աթալանթա` 24 կէտով, իսկ երրորդ դիրքին վրայ Ա. Սէ. Միլան` 23 կէտով:
Վերջին երկու դիրքերուն վրայ գտնուող Քրեմոնեզէ եւ Սամտորիա ցարդ յաղթանակ չեն կրցած արձանագրել:


