Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Չելսիի միջնապահ Նկոլօ Քանթէ, որ ցարդ չէ ապաքինած իր ստացած մկանային վնասուածքէն, շատ հաւանաբար բացակայի 2022-ի Մոնտիալէն:
Անոր ապաքինման համար ցարդ պէտք է քանի մը շաբաթ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ’Էքիփ» անուանի մարզաթերթը:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան շատ հաւանաբար իր կազմին մէջ չընդգրկէ Քանթէն, եթէ ան լաւապէս ապաքինած չըլլայ:
Քանթէ, որ 14 օգոստոսէն ի վեր բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն, ընթացիկ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերած է երկու մրցումի միայն` Չելսիի հետ:վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մելիք Ղուկասեան:


