Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Իւնիոն Պերլին:
Անիկա ապահովեց այս տարեշրջանի իր 23-րդ կէտը` 2-0 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին` Պորուսիա Տորթմունտի դէմ:
Պերլինեան խումբէն 4 կէտով ետ կը մնայ երկրին գործող ախոյեան` Պայէրն Միւնիխ, որ այս հանգրուանին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Ֆրայպուրկը, բարձրացաւ երկրորդ դիրք:
Վերջինս 18 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, իսկ Պորուսիա Տորթմունտ 16 կէտով` 8-րդ դիրքը:


