Մեքսիքական Կուատալախարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.-1000» մրցաշարքի ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 130-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ նախապէս աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող, իսկ այժմ 37-րդ դասուած Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիքթորիա Ազարենքայի դէմ:
Աւանեսեան չկրցաւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` անկէ կրելով 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,5 միլիոն ամերիկեան տոլար:


