Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան կիսաւարտականի ճակատումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահոված էր կիսաւարտականի իր տոմսը, երէկ չկրցաւ իր յաղթական ընթացքը շարունակել եւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը` կրելով 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` Հիլալ Նասըրէն (կիսախաղ` 2-0):
Նշենք, որ մրցումին մեծ մասը երկու կազմերուն մարզիկները կատարեցին մշուշոտ կլիմայի մթնոլորտին մէջ: