Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց 17 տարեկանէն վար հաւաքականը չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին կը մեկնի Նորվեկիա, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Զտումի այս մրցաշարքին լաւապէս պատրաստուելու համար, հայրենի կազմը նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ մարզական հաւաքի մը, որ կ՛աւարտի վաղը` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահէ Յարութիւնեան: