Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 11-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դաշտին` «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Մարսէյը:
Մրցումը վերջ գտաւ մայրաքաղաքի կազմին յաղթանակով. ան արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի նշանակած կոլին (45+2-րդ):
Մրցումին 72-րդ վայրկեանին Մարսէյի մարզիկներէն Սամուէլ Ժիկօ իր կոշտ խաղարկութեան պատճառով ստացաւ կարմիր քարտ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սեն Ժերմեն ունեցաւ 29 կէտ, մինչ Մարսէյի (4-րդ) կէտերը մնացին 23:
26 կէտով երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Լորիան, մինչ երրորդ դիրքը Լանս` 24 կէտով:


