Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Լիտըրզը:
Ռիատի, որ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 91-65 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Մայքըլ Քուալզ (31 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Հայկ Կէօքճեան հանդիսացաւ մրցումին երկրորդ ամէնէն աւելի շատ կէտ նշանակողը (18 կէտ):
Լիտըրզէն Եուսեֆ Ղանթուս (խմբապետ) նշանակեց 17 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Տինամօ եւ Սաժես արձանագրած են երեքական յաղթանակ, մինչ երեք խումբեր` Հուփս, ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Պիպլոս ցարդ չեն կրցած արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը:


