Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած (14-16 հոկտեմբեր) սամպոյի «Երեւան-2022» դեռահասակներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստան իր արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներուն շնորհիւ, տիրացաւ 20 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 17 պրոնզ):
Առաջին անգամ ըլլալով սամպոյի ախոյեանութեան մէջ նկատի առնուած էին նաեւ երիտասարդներու մարտական սամպոյի մրցումները:
Երեք օրերու ընթացքին այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 երկիրներէ շուրջ 500 երկսեռ մարզիկներ:


