Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի սամպոյի երիտասարդական ախոյեանութեան առաջին օրը, Հայաստանի ներկայացուցիչները դեռահասակներու սամպոյի 7 դասակարգերու մէջ տիրացան 14 մետալներու, որոնցմէ 2-ը` արծաթ, իսկ 12-ը` պրոնզ:
Մրցումները կը շարունակուին, եւ հայրենի մարզիկները անկասկած յաւելեալ մետալներու պիտի տիրանան:
Նշենք, որ Հայաստանի համար առաջին մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Էլիզա Ադամեան, որ 50 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին:
Ախոյեանութեան երկրորդ օրը, 53 քկ դասակարգի մրցումներուն, Ռոպերթ Սիմոնեան Հայաստանին ապահովեց առաջին ոսկի մետալը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 20 երկիրներէ 500 երկսեռ մարզիկներ: