Երէկ գիշեր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող Շաթլէ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրանս Ֆութպոլ» մարզական ամսագիրին կողմէ նախաձեռնուող 2022-ի «Ոսկիէ գնդակ»-ին` «Պալոն տ՛Օր»-ի պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա հանդիսացաւ մրցանակակիր:
34 տարեկան ֆրանսացին ձայներու հսկայ առաւելութեամբ գերազանցեց Լիվըրփուլի նախկին ֆութպոլիստ Սատիօ Մանէն (այժմ` Պայէրն Միւնիխ):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցանակաբաշխութեան, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի 28 տարեկան միջնապահ Ալեքսիա Փութելաս յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ տիտղոսակիր:
Այսպիսով Պարսելոնայի խմբապետը հանդիսացաւ առաջին կին խաղացողը, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը դառնայ մրցանակակիր:
Աղջկանց այս մրցանակը «Ֆրանս Ֆութպոլ» ամսագիրին կողմէ կը տրուի 2018-էն ի վեր:


