Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռաֆիկ Մինասեան յաջողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 256 քկ արդիւնք մը (116 եւ 140 քկ):
Նշենք, որ Հայաստանի 20 եւ 23 տարեկանէն վար հաւաքականները 16-25 հոկտեմբերին տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան հանդէս կու գան 23 մարզիկով:
Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մելիք Ղուկասեան:


