Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ, երէկ ապահովեցին յունահռոմէական ոճի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Սպանիոյ Փոնթեվետրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան առաջին օրը, իրենց ելոյթներուն սկսան 55, 63, 77, 87 եւ 130 քկ դասակարգի մարզիկները:
Հայաստան ներկայացուցիչ ունէր 63, 77 եւ 87 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան 23 տարեկան Մալխաս Ամոյեան (77 քկ) եւ Գէորգ Թադեւոսեան (87 քկ):


