Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աւարտին հասաւ «ԵՐԵՒԱՆ Օփըն-2022» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 երկիրներէ 292 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 22-ը` կրանտմասթըրներ, իսկ 55-ը` միջազգային վարպետներ:
Տեղի ունեցած 9 հանգրուաններէն ետք Ա. խմբակի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւեցին Սերկէյ Լոպանով (Ռուսիա) եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան, որոնք ապահովեցին 7-ական կէտ:
Լրացուցիչ ցուցանիշներով Մամիկոն Ղարիբեան զիջեցաւ Լոպանովին եւ մրցաշարքը աւարտեց երկրորդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէր 14 միլիոն դրամ:


