Ողիմպիականի փոխախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի փոխախոյեան Գոռ Մինասեան իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Պահրէյնի ազգային խումբին հետ:
Պահրէյնի մէջ աւարտած Ասիոյ ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, հայրենի ծանրաբարձը 109 քկ եւ վեր դասակարգի երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 452 քկ արդիւնք մը (210 եւ 242 քկ), ո՛չ միայն հանդիսացաւ ախոյեան, այլեւ` մրցանշակիր:
Նշենք, որ ան առաջին անգամ ըլլալով է, որ ելոյթ կ՛ունենայ Պահրէյնի ազգային խումբին հետ:
Մինասեան վերջերս հեռացաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականէն, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ պայքարիլ Փարիզի ողիմպիականին տոմս մը ապահովելու համար:
Հայաստանի հաւաքականին հետ աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին Վարազդատ Լալայեան եւ վերջերս 109 քկ եւ դասակարգ տեղափոխուած Սիմոն Մարտիրոսեան: