Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ամերիկահայ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան սեւ քարերով պարտութեան մատնեց Տարիուս Շվիրցը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սեւեան 6,5 կէտով կը բաժնէ 3-րդ-4-րդ դիրքերը` Լինիեր Տոմինկեսի հետ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ֆապիանօ Քարուանօ, որ ապահոված է 7,5 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքը 7 կէտով կը գրաւէ Ռէյ Ռոպսըն:
Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահոված է 4,5 կէտ, կը բաժնէ 11-րդ-12-րդ դիրքերը:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն:


