Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երկուշաբթի Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Աթլաս
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Աթլասի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են անվճար փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:45-ին Պուրճ Համուտէն, Ֆանարէն եւ Ռաուտայէն պիտի ուղղուին Մըզհեր: Ասկէ բացի,...




















