Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, որ տեղի ունեցաւ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա), յստակացան Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն մրցակիցները:
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ժ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իրլանտան, Զուիցերիան եւ Իսլանտան:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 11-17 հոկտեմբեր 2023-ին, Իրլանտայի մէջ:
Իսկ 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Թ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ` Իսրայէլը, Խրուաթիան եւ Ֆարօ կղզիները:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 15-21 նոյեմբեր 2023-ին, Խրուաթիոյ մէջ:


