Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Փաուլօ Պենթօ ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Պրազիլէն, դուրս մնաց 2022-ի Մոնտիալէն:
53 տարեկան փորթուգալցին, որ 2018-էն ի վեր Հարաւային Քորէայի մարզիչն է, շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` իրեն վստահուած այս պաշտօնին համար, իսկ ֆութպոլիստներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ անոնք կատարեցին իրենց առաւելագոյնը` լաւ արդիւնքներու հասնելու համար Քաթարի մէջ: