Հայաստանի աղջկանց ճատրակի ազգային հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, տիրացաւ Ռուսիոյ Խանթի-Մանսիյսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 20 տարեկանէն վար ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Արձանագրելով վեց յաղթանակ, երկու հաւասարութիւն եւ կրելով պարտութիւն մը` ան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը:
Տիտղոսէն բացի, ան ստացաւ նաեւ 300 հազար ռուբլի պարգեւավճար մը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգսեան, տղոց մրցումներուն 5 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը, արժանանալով պրոնզ մետալին:
Ան արձանագրեց երկու յաղթանակ, վեց հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը:
Նշենք, որ ան եւս ստացաւ 300 հազար ռուբլի պարգեւավճար մը:


