Մոնտիալ-2022. Մարոք Տպաւորիչ Յաղթանակ Նուաճեց Սպանիոյ Դէմ Եւ Քառորդ Եզրափակիչին Հասաւ
Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերու 1/16 փուլի շրջագիծին մէջ, Մարոք-Սպանիա մրցումը աւարտին հասաւ Մարոքի յաղթանակով: 90 վայրկեանները լրացան ոչ մէկ կոլով, նոյնն էր պարագան յաւելուած լրացուցիչ ժամանակին: Մրցումին 120 վայրկեաններուն Մարոք առաւելաբար խաղցաւ պաշտպանական խաղ: Սպանիոյ պարագային գնդակի տիրապետումը 77 առ հարիւր էր, որ կը ներառէր 926 գնդակի փոխանցում` 91 առ հարիւր յաջողութեամբ: Մինչդեռ Մարոք 216 գնդակի փոխանցում կատարեց 71 առ...




















