Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, տուաւ շարք մը որոշումներ:
Այդ ծիրին մէջ յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը ուրբաթ, 30 դեկտեմբեր 2022-ին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ:
Կազմուեցաւ 4-10 յունուար 2023-ին Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան լիբանանեան պատուիրակութիւնը:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Յակոբ Տեմիրճեան:
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 9 դեկտեմբերէն սկսեալ:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կը սկսին Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ֆետերասիոնի ժողովին տեղի ունեցան նաեւ մարզիկներու կախակայումներ եւ տուգանքներու սահմանումներ:


