2010-էն 2018 տարիներուն Եուվենթուսի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը վարած Ճիուսեփփէ Մարոթթա շատ հաւանաբար վերադառնայ Եուվէ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
65 տարեկան Մարոթթայի ներկայութեան, ութ տարուան ժամանակամիջոցին, Եուվենթուս արձանագրած է զգալի յառաջընթաց, մինչ վերջին չորս տարիներուն, ակումբին արձանագրած արդիւնքները եղած են բաւական ձախող:
Ներկայիս Մարոթթա Ինթեր Միլանի հետ է, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2025:


