Փարիզ Սեն Ժերմենի Նախագահ. «2022-ի Մոնտիալէն Ետք Բանակցութիւններ Պիտի Կատարենք Մեսսիի Հետ»
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի, նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 2022-ի Մոնտիալի աւարտէն անմիջապէս ետք, բանակցութիւններ պիտի կատարենք արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ: «Ան շատ ուրախ է մայրաքաղաքի կազմին հետ եւ կու տայ իր առաւելագոյնը, որպէսզի խումբը յաջողութիւններու հասնի: «Իրարու հետ նախնական համաձայնութեան եկանք, որպէսզի աշխարհի ախոյեանութենէն անմիջապէս ետք, սկսինք մեր բանակցութիւններուն` անոր պայմանագրութեան...




















