Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի մէջ (Քասլիք), պարգեւատրուեցան 2022 տարուան բոլոր մրցանակակիրները, որոնք տարբեր տեսակի տիտղոսներու տիրացած էին ինքնաշարժներու ախոյեանութիւններու ընթացքին:
Կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատուները շնորհաւորեցին բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեցին նորանոր նուաճումներ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ:
Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ մարզական լրագրողներուն, որոնք ամբողջ տարուան տեւողութեան, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի կազմակերպած բոլոր ախոյեանութիւններուն ու մրցաշարքերուն ներկայ գտնուելով, լիուլի կատարեցին իրենց պաշտօնը:


