Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Իտալիոյ մէջ:
32 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է Եուվենթուս, այս մասին կը յայտնէ իտալական մարզական մամուլը:
Քրուս, որ 2014-ին Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ, մինչեւ 30 յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է արքայական ակումբին հետ:
Նշուեցաւ, որ Քրուս մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Սպանիոյ ախոյեանին հետ:


