Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տինամիք կազմը, որ մաս կը կազմէ Ե. խմբակին, պիտի մրցի Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած է մրցում մը միայն (այլ խումբեր կատարած են երկուքական մրցում), տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով:
Վաղուան մրցումին եւս, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ի վիճակի են յաղթանակ մը եւս արձանագրելու, եթէ յաջողին խմբային լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


